2008-11-19 13:30:17

Ծիսական ժամանակացոյցը Չորեքշաբթի` նոյեմբեր 19 Յիսնակի պահքին Գ օր


Ընթերցում Ս. Ղուկասի Աւետարանէն։

Ճրագի առակը - Չկայ մէկը, որ ճրագ վառէ եւ թաքստոցի մէջ դնէ այդ, այլ աշտանակի վրայ (կը դնէ), որ լո՛յս ունենան մտնողները։ Ա՛չքն է մարմնի ճրագը, երբ առողջ է աչքը, ամբողջ մարմինն ալ լուսաւոր կ՛ըլլայ, իսկ երբ հիւանդ է աչքը, ամբողջ մարմինն ալ խաւարի մէջ պիտի ըլլայ։ Զգո՛յշ եղիր ուրեմն, որ խաւա՛ր չդառնայ քու մէջդ գտնուող լոյսը։ Եթէ լուսաւոր է ամբողջ մարմինդ եւ խաւարած մաս չունի, այն ատեն այնպէս լուսաւոր պիտի ըլլայ (ան), ամբողջապէս, ինչպէս երբ ճրագը կը լուսաւորէ քեզ իր ճառագայթներով։ Մինչ այս բաներու մասին կը խօսէր (Յիսուս), փարիսեցի մը աղաչեց, որ ճաշի գայ իր քով եւ (անոր տունը) մտնելով՝ սեղանի նստաւ։ Երբ փարիսեցին տեսաւ, որ (Յիսուս) չլուացուեցաւ ճաշէն առաջ՝ (շատ) զարմացաւ։ Տէրը ըսաւ անոր Դուք փարիսեցիներդ, բաժակի եւ պնակի դուրսի երեսը կը մաքրէք հիմա, բայց ձեր ներսը լի է (ամէն տեսակ) յափշտակութիւններով եւ չարութիւններով։ Անմիտներ, չէ՞ որ արտաքինին (համար այդքան հոգատարութիւն) ունեցողը՝ նոյն ի՛նքն է (նաեւ) բովանդակութեան պատասխանատուն ։Եւ սակայն, աժան (ձեւը գտած էք դուք, կ՛ըսէք թէ) ողորմութիւն տուէք եւ այն ատեն (այնպէս կը համարիք, որ) մաքուր դարձած կ՛ըլլայ ձեր ամէն բանը։ Սակայն վա՜յ ձեզի փարիսեցիներուդ, որ տասանորդ կու տաք անանուխի, փեգենայի եւ ամէն տեսակ բանջարեղէնի վրայ, բայց արդարութիւնն ու Աստուծոյ սէ՛րը կ՛անտեսէք։ (Այո՛), պէ՛տք է ընել այս, սակայն մի՛ւսն ալ պէտք չէ զանց առնել։



Աստուածածնայ Շարականէն։

Դուն, որ անճառաբար ծնար ստեղուած հոյութեանց Արարիչը` Անեղ Բանը, որ մարմնացաւ ստեղծուածներուս համար, մեզի համար բարեխօս եղիր միշտ անոր մօտ։

Դուն որ մեռած Ադամին ընծայեցիր քեզմէ բերուող կեանքի պտուղը իր խաչելութեամբ քաւեց Ադամի մեղքը եւ անվախճան կեանքի կոչեց զայն։ մեզի համար բարեխօս եղիր միշտ անոր մօտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.